ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9ին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան հիւսիսային Իրաքէն ներս սահմանափակ գործողութեանց դիմելու արտօնութիւն տուաւ երկրին զինուորական ուժերուն, հակադարձելով Կիրակի օր Թուրքիոյ մէջ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան յեղափոխականներուն մէկ յարձակումին, որու ընթացքին սպաննուեցան թրքական բանակի յատուկ մարզում ստացած զինուորներէն 13ը:
Իրաքի իշխանութիւնները քննադատեցին Էրտողանի որոշումը, պնդելով, թէ Իրաքի ու Թուրքիոյ միջեւ կնքուած մասնակի համաձայնագիրը լաւագոյն միջոցն է հիւսիսային Իրաք ապաստանած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան տագնապը լուծելու համար:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն պաշտօնատար մը հաստատեց, թէ Թուրքիոյ խորհրդարանը պէտք է որոշում տայ Իրաք ներխուժելու հարցով, սակայն սահմանափակ գործողութեանց համար վարչապետին որոշումը բաւարար է:
Թուրքիոյ նախագահ Ապտալլա Կիւլի հրաւէրով կառավարական եւ զինուորական աւագանին Երկուշաբթի օր արտակարգ նիստ մը գումարած էր՝ քննելու համար քրտական յարձակումները կասեցնելու հարցը:




