25ԱՄԵԱԿ՝ ԼԻԶՊՈՆԻ ՀԻՆԳ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ Սիմոն Եահնէեան, Վաչէ Տաղլեան, Սարգիս Աբրահամեան, Սեդրակ Աճէմեան Եւ Արա Քըրճըլեան

By AsbarezStaff on Jul 25th, 2008 and filed under Բացառիկ.

Հայ ազատագրական պայքարը յաւերժ պիտի մնայ մեր բոլոր սերունդներու հոգիներուն մէջ: Անոնց դաստիարակութիւնը եւ մնայուն Ազատագրութեան աւետարանը պիտի յուշէ անլռելի զանգակատան նման գաղափարաբանութեան ժառանգով՝ մարտահրաւէր դարձած այն կոչը, որ անդադրելիօրէն հնչեցնէ մեր արեան, մեր հողերու իրաւունքին ազատագրութիւնը արիւնարբու գրաւիչներէն:

Կաթին հետ փոխանցուած, ազատագրական պայքարի ոգիով պատրաստուած սերունդի այս հինգ ներկայացուցիչներն էին որ իրենց մէջ զգացին Գէորգ Չաւուշներու, Մուրատներու եւ բազմաթիւ «Ամենայն Սրբոց»ի մնայուն կենսահունչ ձայնը, դարձան յեղափոխութեան դրօշակակիրն ու դրօշակը, վերածուեցան յաղթանակի, փոքր բանակի, եւ՝ ՄԱՀ ԿԱՄ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ շնչելով եւ անոր պատգամով ներշնչուելով դարձան Մեծ Դատի երդուեալ զինեալները: Անոնք զինեցին իրենց հոգիները, մտրակելով իրենց խոյանքները, եւ պոռթկալով խոյացան սրաթռիչ երիվարի նման, որուն նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար:

Վարդանանցի նման մէկ օր տեւող եւ Վարդանանցի նման նահատակութեամբ վերջացած այս պատերազմը, այսօր կը մնայ եւ յուզելով կը յուշէ մեզի մեր պատմութեան էջերէն փառքով մնալու անվհատ, ուժով տիրելու մեր տուներուն:

Անվհատութեան այս ձայնը կը պատմէ թէ յեղափոխական հնոցին մէջ զինուած՝ նահատակութիւնը յաղթանակի վերածելու նպատակով նոր Վահագներ, Լիբանանէն, վերածեցին իրենք զիրենք հնգեակի, Հայ Յեղափոխական Բանակի խմբակցութեան անունով, եկան Փորթուկալի Մայրաքաղաքը՝ Լիզպոնի Թրքական դեսպանատան վրայ յարձակելու:

Յարձակում մը, որ անձնասպանութեան վեհ եւ հերոսական մահացումով պատմութիւն մը կերտեց, որ մեր ժամանակակից ապրումներու գերագոյն դիւցազնավէպը կրնայ ըլլալ, եւ որ կը սպասէ միաժամանակ դառնալու իր նիւթին, հէնքին վայել բեմադրիչի կամ պատմաբանի վաւերագրական ժապաւէնի մը:

Այս երկրորդ խիզախումն էր Եւրոպայի սառն քաղաքակրթութեան սրտին:

Արդարեւ այս երկրորդ անգամն էր, որ կազմակերպողներու այս խմբակը բարոյական մկրտութիւն ստացած էր, միասնացած իրենց նման յեղափոխականներու այն փաղանգին, որ Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսէլի մէջ կատարած էր Թուրք դիւանագէտի մը ահաբեկման արարքը:

Հետեւինք այս հերոսական, անդեդեւ, սրտաճմլիկ նկարագրութեան։ «Գործողութիւնը սկսաւ կէսօրուան ժամը 13էն ետք, երբ դեսպանին բնակարանը գրաւած հայորդիները պայթեցուցին շէնքը, հակադարձելով գրաւումին վերջ տալու փորթուկալեան կառավարութեան պաշտօնական հաղորդագրութեան»:

Եւ բնական է, հայ հերոսները չէին եկած խաղալու, անոնք այդ մարտավարական փորձերը կատարած էին իրենց դաստիարակութեամբ, իրենց երէց եղբայրներուն, զինակիցներուն տարիներու փորձառութեամբ:

Ահա անխուսափելի բախումը: Հայ հերոսներու եւ կառավարական ուժերու միջեւ եղած հրացանաձգութեան ընթացքին կը նահատակուի հերոսներէն մէկը, իսկ մնացեալները կը շարունակեն իրենց վճռական պայքարը եւ կը նահատակուին իրենց իսկ արձակած ուժանակով, պայթեցնելով շէնքի գրաւուած բաժինը, ուր եւ կը նահատակուին: Թուրքերը երկու զոհ կու տան միայն, գործավարին կինը եւ պահակ մը, եւ կը վիրաւորուի գործավարին զաւակը:

Գործունէութեան աւարտին, ազատ աշխարհին պատահածը զեկուցելու համար, ՀՅԴ բանակի անունով կը կատարուի այս անձնասապանութեան արարքին հիմնաւորումը :

Այսպէս՝ « Զինեալ պայքարը կը մնայ միակ ուղին ձեռք բերելու համար հայ ժողովուրդին ինքորոշումը. . . Պարզ անձնասպանութիւն մը չէր մեր գործողութիւնը, այլ՝ մեր զոհաբերումն էր ազատութեան բագինին. . . Բռնամիջոցներու դիմելու մեր ժողովուրդի պատճառն է Թուրքիոյ եւ անոր նեցուկ կանգնող ոյժերուն մերժումը հայ ժողովուրդի արդար պահանջներուն, որոնք կը ներկայացուէին խաղաղ միջոցներով։ Ազատատենչ եւ յեղափոխական հայ երիտասարդութիւնը վճռած է ոչ իսկ վայրկեան մը հանգիստ տալ իր թշնամիին. . .

Թող միջազգային հանրային կարծիքը մեզ կոչէ արկածախնդիր, ոճրագործ կամ ահաբեկիչ, մենք միայն քմծիծաղով կը դիմաւորենք նման որակումներ»:

Այս բացատրութեան կը յաջորդէ Հայ Յեղափոխական Բանակի Հաղորդագրութիւն՝ ուղղղած կառավարութիւններուն, Միջազգային Հանրային Կարծիքին եւ Մամուլին:

Այսպէս՝

«Հայ ժողովուրդի զաւակներն ենք մենք:

« Բրտութեան դիմելու մեր որոշումը ադիւնք է թրքական պետութեան եւ անոր զօրավիգ կանգնող ոյժերու կողմէ հայ ժողովուրդի արդար եւ խաղաղ պահանջները քննելու մերժումին:

« Արհամարհանքն ու սինիզմը զորս Թուրքիան եւ Միաջազգային հասարակութիւնը կը ցուցաբերեն Արդարութեան եւ Միջազգային Օրէնքներուն հանդէպ, մեզ աւելի եւս համոզեցին, որ մեր արդար դատի հետապնդման համար մնացած միակ միջոցը զինեալ պայքարն է:

« Տասնամեակներ ամբողջ հայերը սպասեցին, որ միջազգային արդարութիւնը լուծէ Հայկական Հարցը:

Այս բացատրութիւններուն հետ կազմակերպող խմբակցութիւնը Հայ Դատի ի պաշտպան իր բողոքները անգամ մը եւս կը ներկայացնէ, շեշտելու համար որ եղած միջոցները անօգուտ մնալով, ստիպած է երիտասրդական սերունդը դիմելու այս միջոցին:»

Երեւակայեցէք, 25 տարի անցած է եւ մենք պարտինք քննել, թէ այս նահատակ տղոց բողոքները, պահանջները եւ պահանջները ի՛նչ արդիւնք տուին:

Անոնք մեծ դաստիարակչական եւ հայրենական դասեր տուին: Նայեցէք այս տարիներու ընթացքին, թէ ինչպէ՛ս լեցուած է մեր մամուլը պահանջատիրական գաղափարներով, թէ ինչպէ՛ս Հայ Դատի յանձնախումբեր, իրենց երկիրներուն մէջ աշխատանք կը տանին, թէ ինչպէ՛ս աննախընթաց արշաւ մը տեղի կ՚ունենայ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի գծով, մանաւանդ իբրեւ պատգամ՝ տեսէք, թէ ինչպէ՛ս մեր բոլոր կազմակերպութիւններու շարքերը սկսած են խտանալ նոյն պահանջատիրական լոզունգներով եւ նոյն գաղափարա-քաղաքական դիրքաւորումներով։

Այսօր վստահաբար, անոնց հոգիները, դիտելով այս զարթնումը հայութեան մօտ, պիտի հրճուին եւ պիտի դառնան ըսելու՝

ԿԵՑՑԷ ԱԶԱՏԱՏԵՆՉ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ,

ԿԵՑՑԷ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ:


alt="GraveTending

Leave a Reply

Advertisement


kaangoInside (1)