
Երկուշաբթի, Յունուար 25ին, Պէյրութի օդակայանէն ճամբայ ելլելէն քանի մը վայրկեան ետք կրակ առած եւ 90 հոգի փոխադրող եթովպիական օդանաւը Միջերկրական ծովուն վրայ ջախջախուեցաւ: Իշխանութիւնները ցարդ յայտնաբերած են 34 դիակներ: Արկածին պատճառը ցարդ չէ յստակացած, սակայն կը կարծուի, թէ անիկա կապ ունի կլիմայական աննպաստ պայմաններուն հետ:

Ուաշինկթընի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակը Հինգշաբթի, Յունուար 21ին նոր արգելքի մը դէմ յանդիման գտնուեցաւ, մինչ կը փորձէր պաղեստինեւիսրայէլեան խաղաղութեան բանակցութիւնները վերակենդանացնել

Թալեպան զինեալներ Երկուշաբթի, Յունուար 18ին անձնասպանական գործողութիւններով հարուածեցին Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի կառավարական կարեւոր կեդրոնները: Յարձակումը յստակ ցուցանիշ մըն է, թէ ըմբոստները մտադիր են Միացեալ Նահանգներու եւ անոր դաշնակիցներուն դէմ իրենց պայքարին մէջ մագլցում արձանագրելու։ Պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ յարձակումին պատճառով արձանագրուած է հինգ զոհ եւ 40 վիրաւոր։ Աֆղանիստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ յարձակումին մասնակից եօթը զինեալներ սպաննուած են։

Իսրայէլեան «Ճերուզալէմ Փոսթ» թերթը կը գրէ, որ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ ստեղծուած լարուածութիւնը պաղ հոսանքներ յառաջացուցած է նաեւ Ուաշինկթընի մէջ։ Օրաթերթը կը յիշեցնէ, որ Միացեալ Նահանգներու որոշ հրէական խմբակներ պատմականօրէն միշտ սերտ կերպով համագործակցած են Թուրքիոյ հետ։

Սուրիոյ նախագահի քաղաքական հարցերու եւ մամլոյ խորհրդական Պուսայնա Շաապան յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի այս շաբթուան Սէուտական Արաբիա այցելութիւնը ցոյց կու տայ երկու երկիրներուն, ինչպէս նաեւ Ասատի ու Ապտալլա թագաւորին միջեւ յարաբերութեան ջերմութիւնն ու խորութիւնը:

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մանուշահր Մոթաքի Երկուշաբթի, Յունուար 11ին, Դամասկոսի մէջ քննարկեցին «Սուրիոյ եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ իրենց շահերուն եւ շրջանի պետութեանց եւ ժողովուրդներու շահերուն ծառայող երկխօսութիւնն ու համակարգումը շարունակելու կարեւորութիւնը»։

Սէուտական «Օքազ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մեշաալ պնդած է, որ պաղեստինցիները իրենց ներքին պառակտումներուն վերջ տալու համար գրաւ կը դնեն սէուտական ազդու դերակատարութեան վրայ։ Ան նաեւ նշած է, որ միջպաղեստինեան հաշտութեան համաձայնութեան գործընթացը իր վերջին հանգրուանին մէջն է։
Իսլամական երկիրներու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Աքմալ Տին Իհսանօղլուի հետ իր հանդիպումէն ետք, Մեշաալ պատրաստակամութիւն յայտնած է որեւէ տեղ ու որեւէ ատեն հաշտութեան համաձայնութիւնը ստորագրելու եւ հակառակ Ֆաթհի հետ քաղաքական ուղղուածութեան տարբերութեան, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ հանդիպում ունենալու։

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գայիանէ» պարի դպրոցին, Դեկտեմբեր 25ի եւ 26ի երեկոյեան, «Յ. Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած է հայրենի «Ամբերդ» պարախումբի եւ Համազգայինի «Գայիանէ» պարի դպրոցի միացեալ ելոյթը՝ ներկայութեամբ հոգեւոր պետերու, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, բարերարներու, արուեստագէտներու, արուեստասէրներու, ծնողներու եւ ժողովրդային մեծաթիւ բազմութեան, որուն թիւը շուրջ 1500 եղած է։

Հայ առաքելական համայնքի Ս. Ծննդեան տօնին առիթով յառաջիկայ Յունուար 6, 2010ը Լիբանանի մէջ պիտի ըլլայ պաշտօնական արձակուրդի օր։

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն (ԿԿ) ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմած է ԿԿի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Տիգրան Ճինպաշեան եւ ճարտարարուեստի նախարար Աբրահամ Տէտէեան, Դեկտեմբեր 21ի առաւօտեան այցելած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին։ Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան քաղաքական ընդհանուր իրադարձութիւնները՝ խորհրդարանին կողմէ կառավարութեան շնորհուած վստահութեան քուէին լոյսին տակ։